Բերիոյ Թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր՝ Ժիրայր Ռէյիսեան «Ազդակ» թերթին հետ ունեցած
է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը որուն ընթացքին ըսած է թէ՝ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ
շրջանին մէջ (ուր կը գտնուին նաեւ հայկական գերեզմանատուները) ապահովական դէպքերու զարգացումին
պատճառով շրջանը դարձած է զինուորական գործողութիւններու գօտի: «Հետեւաբար իբրեւ անմիջական
կարգադրութիւն, նահանգապետարան-քաղաքապետարան համատեղ, Հալէպի ծայրամասային այլ շրջանի
մը մէջ Քարմելիք վանքի մը կից , յատկացուցին հողատարածք մը թաղումները հոն կատարելու`
իբրեւ առժամեայ անմիջական կարգադրութիւն»: